Գոլոմպօ-ի Ասպետներու Բարեսիրական Հիմնարկի 130-րդ Տարեկան Վեհաժողովի առթիւ, որ տեղի
կ՛ունենայ 7 - 9 օգոստոս Քալիֆորնիոյ մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Վատիկանի
Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ստորագրութեամբ՝ պատգամ մը ուղղած է վերոյիշեալ
Հիմնարկի Ասպետներու երեցին` Գարլ Ալպէրդ Անտէրսոնին։ Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը
խնդակցութիւն յայտնած է <<Գոլոմպոյի Ասպետներուն Բարեսիրական գործունէութեան համար, ընդգծելով
թէ <<ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր կը վերատեսուի եւ կը սահմանափակուի կրօնի ազատութեան
իրաւունքը, <<Գոլոմպոյի Ասպետներուն Բարեսիրական Հիմնարկը անխոնջ աշխատանք տարած է կաթողիկէ
եկեղեցիի կողքին, համապատասխանելու՝ եկեղեցւոյ ազատութիւնը եւ հասարակական բարոյական
վկայութիւնը վտանգող աննախնթաց նոր սպառնալիքներուն։>>